2017-05-29 14:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քանատայի վարչապետը` Ժասթին Թրիւտոն։ Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր առաւօտեան, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քանատայի վարչապետը` Տիար Ժասթին Թրիւտոն։ Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինի ու անոր ընկերացող Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղա` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քանատայի մէջ բարի յարաբերութիւնները ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընծայած սատարը Երկիրն ընկերային կեանքէն ներս։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ներառումի ու հաշտութեան նիւթերու շուրջ ինչպէս նաեւ` կրօնի ազատութեան ու ժամանակակից բարոյական հարցերու մասին։

Եօթը հզօրներու վերջին վեհաժողովի լոյսին տակ, քննարկուեցան նաեւ միջազգային հանգամանք ունեցող հարցեր­, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Միջին Արեւելքին ու հակամարտութեամբ յատկանշուած շրջաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.